ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ Ս. Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը։ Աշակերտները հանդէս եկան երգերով ու պարերով, թատերակներով, արտասանութիւններով՝ բոլորն ալ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Սուրբ Զատկի համայնքային աւանդական ընդունելութիւնը այս տարի ստիպողաբար օր մը յապաղումով տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ:
Ս. Զատկի առթիւ Թոփգաբուի ընտանիքը ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացան բարձր տրամադրութեամբ։
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Երէկ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Ս. Զատիկը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը կարգադրութիւններ ըրած էր, որպէսզի մանաւանդ՝ ձմրան դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի մարզիկները հաղորդ դառնան տօնի հրճուանքին։
Կեանքի մեծագոյն գիւտը այն է, որ մենք չենք այս կեանքի տէրը, այլ որպէս շնորհք կը ստանանք զայն անտեսանելի աղբիւրէ մը: կաթիլ մը կեանք շնորհուած է մեզի Կեանքի Անսպառ Ովկիանոսէն:
Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի՝ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցին.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ոտնլուայի արարողութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ խորանին վրայ հանդիսաւորապէս լուաց մանուկներու եւ պատանիներու ոտքերը, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն՝ հադիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։