ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կը տեղեկանանք, որ վերջերս Մոնրէալ այցելած է բանասէր եւ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ըստ «Հորիզոն» թերթի հաղորդումներուն, Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի շնորհանդէս մը։
Կը տեղեկանանք, որ վերջերս Մոնրէալ այցելած է բանասէր եւ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ըստ «Հորիզոն» թերթի հաղորդումներուն, Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի շնորհանդէս մը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։

Երէկ, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Այս առթիւ վերյիշուեցաւ բարեյիշատակ մարզական գործիչ Նազար Հանչէր՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին երկու օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու ուշադրութեան։ Համայնքային տասնմէկ վարժարաններու մասնակցութեամբ, այս տարի դարձեալ կազմակերպուեցաւ հոգելոյս Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը, որ ութերորդն էր իր տեսակին մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի այնքան համակրելի երիտասարդներէն Սեւան-Անէթ Մեծատուրեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԼԻՆՏԱ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Իզապէլ Տիւմոնը։
Բարձրաստիճան դիւանագէտի քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։
Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան ծով փորձառութեամբ եւ ամենայն թափով կը շարունակէ գիտական գործունէութիւնը:
Կրետէ կղզիի նորանշանակ տեսուչը երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ Ս. Զատկի առթիւ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած աւանդական հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ բարձր տրամադրութեան ձեւաւորման։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ երէկ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւններ:
Այցելուներու շարքին էին՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ու Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը: