ԱՇՈՒՂ ՇԵՐԱՄԻ 160-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆ
«Շիրակի էսքիզներ» հանրապետական պարային 4-րդ մրցոյթ-փառատօնի կալա-համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 28-ին, Կիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի դահլիճին մէջ։
«Շիրակի էսքիզներ» հանրապետական պարային 4-րդ մրցոյթ-փառատօնի կալա-համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 28-ին, Կիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի դահլիճին մէջ։
Պէյրութի «Բագին» ամսագրին մէջ, Հրակ Փափազեանի ստորագրութեամբ շահեկան գրախօսական մը՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերուն մասին:
Յօդուածի հեղինակին խօսքերով, այս հրատարակութիւնները ընթերցողին առջեւ իսկապէս դուռ մը կը բանան դէպի Ի. դարասկիզբի հայ մտաւորականութեան մտահոգութիւններու աշխարհը:
Պորիս Աճէմեան. «Մեր դերակատարութիւնը սահմանափակ չէ միայն ժառանգութեան պահպանումով»:
ՀԲԸՄիութեան Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ կը գտնուի Պոլսոյ Պատրիարքութեան արխիւին մէկ մասը:

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Օգոստոս 30-ի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ Յաղթանակի 95-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
«Տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհը
կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետականութեան հիմնադրութենէն, Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ՝ համապատասխան լուծման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները խոչընդոտելու»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրին մէջ ընդունեց Մահմուտ Ապպասը:
«Հայաստանի, Վրաստանի եւ աշխարհի մէջ կրօնի եւ համոզումի ազատութեան հիմնախնդիրները»:
Երեւանի իշխանութիւնները լաւատես պատգամներ կու տան վրացահայութեան խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան ոսկէ մետայլներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետայլակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետայլակիր Արթուր Ալեքսանեանն ու աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան։
Երեւանի մէջ 77 տարեկանին մահացած է բեմադրիչ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Փրոֆ. Անտոն Աղայեանց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Անտոն Աղայեանցի թաղման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։
Կարծախ գիւղին մէջ, Օգոստոսի 27-ը, նշանաւոր դարձաւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացումով: Նախորդ տարի բացուած էր թանգարանին ցուցասրահը, իսկ այս տարի բացուեցաւ յուշային մասը: Տօնական օրը սկսաւ գիւղի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով:
Երեւանի մէջ բացուեցաւ խորհրդահայ լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ժամանակի ստուերներ» խորագրեալ առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան պահպանուած սեւապատկերներու վերականգնուած տարբերակները։ Ցուցահանդէսին, որ բացուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան երդիքին տակ, ներկայացուեցաւ 183 լուսանկար։