Լրահոս

ԱՄԵՆԱՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԸ

Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պաշտօնապէս իր արդար տեղը առաւ առասպելական երգիչը:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր մեծ պատիւի մը արժանացաւ «Կենդանի կատարում» դասաւորումէն ներս՝ իր ընտանիքին ներկայութեամբ:

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ամերիկացի նոր համանախագահ մը նշանակեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, Օգոստոսի 28-ի դրութեամբ պիտի աւարտի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի պաշտօնավարութիւնը։

ԱՆԳԱՐԱ, ՊԱՂՏԱՏ, ԷՐՊԻԼ

Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ լուրջ տարակարծութիւն մը չունին Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած՝ անկախութեան հանրաքուէին շուրջ:
Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները թափ կու տան ամենաբարձր մակարդակի վրայ դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացման:

ԱԽՈՅԵԱՆ ԸՄԲԻՇՆԵՐԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Փարիզի մէջ կազմակերպուած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյենութեան ընթացքին ոսկէ մետայլ նուաճած Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները երէկ վերադարձան Երեւան եւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մարզասէրներու կողմէ դիմաւորուեցան մեծ խանդավառութեամբ։

25 ՏԱՐԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս Արամազդ Անդրէասեան դատապարտուեցաւ 25 տարուան բանտարկութեան՝ իր որդին սպաննած ըլլալու համար։ CNN-ի հաղորդումներով, ան բանտէն վաղաժամ ազատելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ միայն 25 տարի վերջ։

Էջեր