Լրահոս

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քննարկումները այսօր երկար ընդհատումէ վերջ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կը մէկտեղէ իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցները՝ Եդուարդ Նալպանտեանն ու Էլմար Մամէտեարովը:

ՃՀՓ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՊԻՏԻ ՎԻՃԱՐԿԷ ԵՄԻԱ-Ի ՄՕՏ

16 Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէի ար­դիւն­քը կը շա­րու­նա­կէ վէ­ճի ա­ռար­կայ մնալ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ։ Ե­րէկ, գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ տե­ղե­կա­ցուց, որ կը պատ­րաս­տուի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը վի­ճար­կել Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին (Ե­ՄԻԱ) մօտ։

ԱՆՍԱՐԻ ԱՅՑԸ ԱՒԱՐՏԱԾ

Հնդկաս­տա­նի Փոխ-նա­խա­գահ Հա­միտ Ան­սար ե­րէկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Շփում­նե­րուն վեր­ջին օ­րը՝ ե­րէկ, Հա­միտ Ան­սար այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը, ուր հան­դէս ե­կաւ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը եւ ի­րեն շնոր­հուե­ցաւ պա­տուոյ տոք­թո­րի կո­չում։

ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾ

Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն:
Բանակը սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեց Իրաքի Սինճարի շրջանին եւ Սուրիոյ Քարաչոք լերան մէջ. զինեալ ուժերու գործողութիւնները պիտի շարունակուին:

ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԿՇՌԻ ՏԱԿ Կ՚ԱՌՆՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿՈՂՄԷ

​Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ վե­րի­վայ­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) ըն­դու­նեց Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ժխտա­կան ո­րո­շում մը, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձաւ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան։

ՉԵԽԻԱ ԻՒՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅՈՑ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով ճանչ­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Այս բա­նա­ձե­ւին հե­ղի­նակն էր Սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ Ռո­պին Պեոհ­նիշ, որ կը գլխա­ւո­րէ Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս Հա­յաս­տա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թեան ե­րես­փո­խա­նա­կան խում­բը։

ԸՍՏ ՍԱՊԻՆԱ ՖՐԷՅԶԸՐԻ, ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԷՏՔ Է ԹՈՂՈՒԻ ԱՊԱԳԱՅԻ

Մի­ջազ­գա­յին ճգնա­ժա­մա­յին խում­բի Եւ­րո­պա­յի ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Սա­պի­նա Ֆրէյ­զըր յայտ­նեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կրնայ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րու ո­րոն­ման գոր­ծին մէջ։

ՍԱՐՕ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՑԱՆՑ ՄԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ի­տա­լա­հայ գոր­ծա­րար Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Մի­լա­նո­յի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ՝ որ­պէս Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­կան։

Էջեր