ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ պաշտօնապէս ամփոփեց խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը։ «Արմէնփրէս» հաղորդումներով, քուէարկութեան վերջին արդիւնքի ամփոփման զուգահեռ՝ յայտնի դարձաւ նաեւ, թէ նուազագոյն պատնէշը յաղթահարած չորս կուսակցութիւնները քանի՛ աթոռ պիտի զբաղեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովէն ներս։