ԱՄՆ-ԷՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու հրամանատարութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ամերիկեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց այդ հրամանատարութեան ծրագրաւորման եւ քաղաքականութեան տնօրէնութեան փոխ-տնօրէն զօրավար Տաուն Տեսքինզ։