ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավարին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է զարգացնելու ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Խորհրդաւոր յիշողութիւններ» եռամաս գեղանկարի շնորհանդէսը: Գեղանկարը նուիրուած է յօրինող Եդուարդ Միրզոեանին եւ անոր ի պատիւ ստեղծուած «Միրզոյեան-քառեակ»ին:
Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին որեւէ խօսակցութիւն տեղի չունեցաւ Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան համայնքապատկան կալուածի հատուցման գումարներու արժեւորման հարցին շուրջ համայնքէն ներս գոյացած է նոր համաձայնութիւն մը։
Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 23-ին Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի պիտի ունենայ տօնակատարութիւն:
«Intellectual Renesance» հիմնադրամի «Սարոյեան հաուս» նախագիծի ծիրէն ներս սկսած են Ուիլիըմ Սարոյեանի Ֆրեզնոյի տուն-թանգարանի շինարարական աշխատանքները։
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցան կարեւոր փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ օրուան առաջին կէսին Պեշթեփէի մէջ ունեցան երկարատեւ խորհրդակցութիւն մը, որմէ վերջ հրապարակուեցան նոր նախարարներուն անունները։
«Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները մեծ մտահոգութեան մատնուած են՝ իրենց գոյութեան, ներկայութեան տեւականացման առումով»:
ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարարը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ: