ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱԿ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Ան ներկայ կը գտնուի Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներուն։