ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման:
Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները մինչեւ յառաջիկայ գարուն Երեւանի կողմէ պիտի յայտարարուին առ ոչինչ: Սերժ Սարգսեան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին անպայման կանգ կ՚առնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօր կ՚եզրափակէ իր աշխատանքները:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը աշխատանք կը տանի «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» կարգախօսով:
Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի գծով քննարկումներ՝ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Երէկ, Համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջին օրուան աշխատանքներուն մասնակցելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս Հինգշաբթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամենարիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ այս երկկողմանի կարեւոր տեսակցութիւնը։
Լոնտոնի մեթրոյէն ներս երէկ տեղի ունեցած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ահաբեկչական այս դէպքը տեղի ունեցած էր Անգլիոյ մայրաքաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ կրթական կեանքի պատմութեան վերաբերեալ գիրքի մը շնորհանդէսը։ «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ գիրքի հեղինակն է նախկին լրագրող Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան։