ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՃԱՆԵԼԻԾԷ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆ
Վրաստանի Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեսակցեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին հետ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման համար նախ պէտք է վերականգնուի բանակցային գործընթացի միջավայրը։
Ամերիկահայ 7-ամեայ Առէն Էմրիկեան, որ կը բնակի Շիքակօ, դարձած է ճատրակի աշխարհի ախոյեան մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու տարիքային խումբին մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով՝ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ այսօր կ՚այցելէ Երեւան։ Երկու նախարարները կը վարեն բանակցութիւններ։
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու գագաթաժողով:
Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական հրթիռներու փորձարկումները կը շարունակեն խորապէս մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին ՆԱԹՕ-ի կողմէ կատարուեցաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Այսպէս դաշինքի մօտեցումը այն է, որ համաշխարհային մակարդակով պատասխան մը պէտք է տրուի Հիւսիսային Քորէային։
Ռուսաց պատրիարքին միջնորդութեամբ տեսակցեցան Վեհ. Հայրապետը եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը:
Այսօր մենք՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի հրաւէրով քննարկելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները, առանց որոնց հնարաւոր չէ հասնիլ Կովկասէ ներս հաշտութեան եւ անվտանգութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Էսթոնիա։
Հրանոյշ Յակոբեան մամլոյ ասուլիս մը սարքելով մեկնաբանեց ապագայ Համահայկական խորհուրդի բնոյթը: