ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՈՍԿԷ ՆՈՒՌ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Մոսկուայի Յեղափոխութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ապրանքներու «Ոսկէ նուռ» փառատօնի բացման արարողութիւնը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ամենամեայ այս միջոցառումը կազմակերպուած է Մոսկուայի մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Մոսկուայի Արտաքին տնտեսական ու միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի օժանդակութեամբ:
Պէյրութի մէջ, 2017-ին լոյս տեսաւ Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. աղօթեցէք ինծի համար» հատորը, բաղկացած՝ 138 էջերէ: Գիրքը կը բացուի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի սրտի խօսքով:
Աշխարհահռչակ ծովանկարչի գործերով մեծագոյն ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ խանդավառ օր մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Իսրայէլի կողմէ խորհրդարանական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն կարեւոր շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս հիւրընկալեց Մարսէյլի փոխ-քաղաքապետ Տիտիէ Բարակեանը, որ այցելեց Հայաստան։ Բարակեան միեւնոյն ժամանակ համանուն նորաձեւութեան տան հիմնադիր-տնօրէնն է։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիան շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, Պէշթեփէի համալիրէն ներս ֆրանսացի նախարարը տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։