ԱՐԴԱՐ ԽՂՃՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կէս գիշերին պիտի ուղեւորուի Երեւան եւ վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասած պիտի ըլլայ մայրավանք: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն եւ մշտապէս միասին է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ: Համայնքային զանազան շրջանակներ կը ջանան ներկայ փուլին իրենց մօտեցումներուն եւ սպասումներուն շուրջ տեղեակ պահել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ աղօթքով ու շինիչ յորդորներով հետամուտ է համերաշխ լուծում մը ապահովել՝ որպէսզի երեք սրբազանները փոխադարձ ըմբռնումով յառաջ տանին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ: