ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հուլուսի Աքար եւ Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին մէջ:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համախոհ ձեւով կը պայքարին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ:
Հուլուսի Աքար եւ Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին մէջ:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համախոհ ձեւով կը պայքարին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային մանկական գրադարանը եւ Հայաստանի Հրատարակիչներու ընկերակցութիւնը Փետրուար 17-21 թուականներու միջեւ կը կազմակերպեն Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառը:
Հաղբատի մէջ մօտ ապագային Սայաթ Նովայի թանգարան պիտի կառուցուի: Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը ունի որոշման նախագիծը։ Այդ մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
Մասնագիտական կրթութեան Որակի ապահովման ազգային կեդրոնը (ՈԱԱԿ) Փետրուար 20-24 թուականները կը յայտարարէ կրթութեան որակի շաբաթ:
Ապագայ բժիշկները շուտով հնարաւորութիւն պիտի ունենան օգտուելու ելեկտրոնային բժշկական գրադարանէն: Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին եւ Մխիթար Հերացիի անուան Պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ կը ստեղծուի ելեկտրոնային բժշկական գրադարան:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անցեալ տարուան առաջին տասնմէկ ամիսները եղանակի եւ կլիմայական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամենէն տաքն էին: Ըստ օդերեւութաբաններու դիտարկումներուն, մէկ կողմ դնելով դեկտեմբեր ամիսը, մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ամբողջ 2016 թուականը պիտի դառնայ արտասովոր բարձր ջերմաստիճանի մրցանակակիրը:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց. «Մենք ինչ որ ընենք, պէտք է ընենք խելացութեամբ։ Տարածքաշրջանը, հարեւանութիւնը, փոխադրութեան լոժիսթիքը եւ ամէն ինչը կը պարտադրեն, որ մենք ըլլանք խելացի եւ կիրթ։ Այս իսկ պատճառով մեր հիմնական դրամագլուխը մարդն է եւ ան պէտք է ըլլայ գրագէտ, խելացի, հաշուարկելու ընդունակութեամբ»։
Երեւանի Մատենադարանի նոր տնօրէնի նշանակման սպասումները կը շարունակուին։ Տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան վերջերս անդրադարձաւ այս գործընթացին։