ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ CCAF-ի չորրորդ տարեկան ընթրիքին:
Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ CCAF-ի չորրորդ տարեկան ընթրիքին:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը համար այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Տարեմուտի դրութեամբ պաշտօնի կոչուած ընդհանուր քարտուղարը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ հանդիպում մը ունեցան Անգարայի մէջ։ Չանքայայի ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 45 վայրկեան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին քննարկուեցան երկրի մէջ սփիւռքահայ գործարարներու կողմէ ներդրումներու կատարման վերաբերեալ հարցեր։ «Հայաստանի մէջ ներդրումներուն սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը» նիւթով կազմակերպուած կլոր սեղան մըն էր այս մէկը, որու քննարկումներուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան չորս տասնեակ գործարարներ։
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ սադրանքներով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարի խախտումները հետզհետէ կը խտացնեն, այդ երկրի ղեկավարը՝ Իլհամ Ալիեւն ալ հանդէս կու գայ սադրիչ յայտարարութիւններով։
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական Մատենադարանի ուսումնարան 2016 թուականին այցելած է 89 հազար մարդ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշած է, որ այցելուներու այս ցուցանիշը 3 հազարով գերազանցած է 2015 թուականի տուեալները:
Երեւանի Սիրահարներու այգիի տարածքին պիտի տեղադրուի «Սիրահարներ» արձանը: Տեղադրման համաձայնութիւն տալու համար հարցը ընդգրկուած է Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ նիստի օրակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջը:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տքթ. Էլի Թաշճեան:
CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոյի այսօրուան Անգարա այցելութիւնը կը պայմանաւորէ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային պայքարի ապագան:
Թուրք զինեալ ուժերու «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ: Թուրքիա կը սգայ երէկ նահատակուած հինգ զինուորներուն յիշատակը: Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած փոխըմբռնումը կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել հաշուարկները: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, մեծ բծախնդրութիւն եւ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի Սուրիայէ ներս առնուած քայլերու համակարգման համար: