Լրահոս

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ» 2017 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան «Ա­րի տուն» 2017 թուա­կա­նի ծրա­գի­րը եւ ձեռ­նարկ­նե­րու ցան­կին հա­ւա­նու­թիւն տա­լու մա­սին նա­խա­գի­ծը:

ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆ

Խրի­մի մէջ սկսած է ռուս բե­մադ­րիչ Ա­լեք­սանտր Քո­թի «Սպի­տակ» շար­ժան­կա­րի նկա­րա­հա­նում­նե­րը, որ նուի­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ 1988 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժի 30-րդ տա­րե­լի­ցին: Շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ կը խա­ղան հայ եւ ռուս, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­ցի դե­րա­սան­ներ:

ՄԱՐԻԱՆԱ ՈՍԿԱՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

Քա­րիւ­ղի ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը վեր­ջերս իր «Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, ա­պա­հո­վու­թեան, կեն­սո­լոր­տի պահ­պան­ման եւ ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան» մրցա­նա­կը շնոր­հած է Տքթ. Մա­րիա­նա Ոս­կա­նեա­նին։

ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ ԹՂԹԱԴՐԱՄ

Վե­նե­զուե­լա­յի մէջ սկսած են նոր ուղ­ղա­հա­յեաց թղթադ­րամ­ներ հրա­պա­րա­կել՝ 500-էն մին­չեւ 20.000 պո­լի­վար ար­ժէ­քով: Մին­չեւ հի­մա մե­ծա­գոյն ար­ժէ­քով թղթոս­կին 100 պո­լի­վարն էր, ո­րուն վրա­յի պատ­կե­րը եւս ուղ­ղա­հա­յեաց դիր­քով տպագ­րուած է:

ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԱԾ ԱԶԷՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՄԱՅՐԸ ՀԵՐՔԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գե­րե­վա­րուած ա­զէ­րի զի­նուոր Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէի հար­ցը կը մնայ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Թա­լի­շի մէջ նա­խըն­թաց օր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կա­տա­րած էին ներ­թա­փանց­ման փորձ մը, ո­րու ձա­խող­ման զու­գա­հեռ գե­րի ին­կած էր Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ։

«ԻՐԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ»

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան ա­ւար­տե­լով իր պաշ­տօ­նա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Թեհ­րան՝ վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին փու­լին Վի­գէն Սարգ­սեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Խա­մա­նէ­յի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կա­նին՝ Ա­լի Էք­պէր Վե­լա­յէ­թիի հետ։

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ

Մոս­կուա­յի «Չայ­քովս­քի» պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը վեր­ջերս նուէր ստա­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ յօ­րի­նող Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի կի­սանդ­րին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այդ քան­դա­կը պի­տի տե­ղադ­րուի ե­րաժշ­տա­նո­ցի մեծ դահ­լի­ճի մուտ­քաս­րա­հին մէջ։

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ Գր­քի Շնոր­հա­հան­դէ­ս

Գա­լի­ֆոր­նիոյ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, «Ապ­րիլ» գրա­խա­նու­թին մէջ  տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նաս­տեղծ Գրիշ Դաւ­թեա­նի նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծո­յին՝ «Օ­րա­ւուր» գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը:

ՄԱԿԵԴՈՆԱՑԻԻ ԿՏԱԿԸ՝ ԳՐՈՒԱԾ ԳՐԱԲԱՐՈՎ

Լոն­տո­նաբ­նակ պատ­մա­բան Տէյ­վիտ Կրանտ կը պնդէ, որ տասն տա­րի փնտռտուք­նե­րէ ետք յայտ­նա­բե­րած է Աղեք­սանդր Մա­կե­դո­նա­ցիի կտա­կը: The Daily Mail պար­­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կած է կտա­կին լու­սան­կա­րը, որ գրուած է գրա­բա­րով:

Էջեր