Լրահոս

«Իմ Քաղցր Լեզու» նիւթով Շարադրութիւններու Մրցոյթ՝ Նուիրուած Մայրենիի Տօնին

Փետ­րուար 21-ին Հա­յաս­տա­նի  եւ Սփիւռ­քի մէջ պի­տի նշուի UNESCO-ի եւ Հա­յոց պե­տու­թեան կող­մէ սահ­մա­նուած «Մայ­րե­նիի օր» տօ­նը, ո­րուն ծի­րէն ներս՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ «Իմ քաղցր լեզու» նիւ­թով շա­րադ­րու­թիւն­նե­րու մրցոյթ։ Լա­ւա­գոյն շա­րադ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի խրա­խու­սուին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէն:

ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, ե­րէկ տեղի ունեցաւ ներկայացման պաշտօնական արարողութիւնը եւ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցաւ «Հայ­կա­կան բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման 25-ա­մեա­կը» նիւթին նուի­րուած եր­կու նա­մա­կա­նիշ:
 

ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ

Մատ­րի­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան հայ­կա­կան կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի բա­ցու­մը:
Դպրո­ցի բա­ցու­մով Սպա­նիոյ մէջ ապ­րող հայ մա­նուկ­նե­րը այ­սու­հե­տեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան պահ­պա­նե­լու հայ խօս­քը եւ ծա­նօ­թա­նա­լու հայ մշա­կոյ­թին ու պատ­մու­թեան:

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան ա­փի մշա­կու­թա­յին ա­մե­նէն սպա­սուած ձեռ­նար­կը՝ «Լոս Ան­ճե­լըս արթ շոու»ն, ո­րուն շրջագ­ծին մէջ աշ­խար­հի շուրջ տաս­նութ եր­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ  ա­ւե­լի քան ինն­սուն պատ­կե­րաս­րահ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին նկար­չու­թեան, քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան, լու­սան­կար­չու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից, նաեւ դա­սա­կան նմոյշ­ներ:

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Փա­սա­տի­նա­յի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» կեդ­րո­նի «Պո­յա­ճեան» սրա­հին մէջ ՀԲԸՄ-ի «Գրի­գոր Սա­թա­մեան» թա­տե­րա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ ա­մե­րի­կա­ցի թա­տե­րա­գիր Քեն Լուտ­վի­կի «Թե­նոր մը կ՚ու­զուի» թա­տե­րա­խա­ղով, թարգ­մա­նու­թեամբ եւ բե­մադ­րու­թեամբ Գրի­գոր Սա­թա­մեա­նի:

ԽԱԹԱՐԵԼ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ին մէջ յօդուած մը գրի առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին:
Ռուս փորձառու դիւանագէտի դիտարկումներով՝ Պաքուի ղեկավարութիւնը կը ջանայ այս կամ այն ձեւով ձախողեցնել միջնորդներու ջանքերը:

«ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԱՆԱԼ»

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ծի­րէն ներս պէտք է ա­րա­գօ­րէն ակն­կա­լուած ար­դիւն­քին հաս­նիլ Էլ Պա­պի պա­րա­գա­յին ու պէտք չէ այ­լեւս ա­ւե­լի խո­րա­նալ։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՈՐՈՇՈՒՄ

Ֆրան­սա­յի Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դը երկ­րորդ ան­գամ ըն­դու­նեց ո­րո­շում մը, ո­րով ան­կա­րե­լի կը հա­մա­րուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց պնդում­նե­րու ժխտման քրէա­կա­նա­ցու­մը երկ­րէն ներս։ Ա­ջա­կող­մեան նախ­կին նա­խա­գահ Նի­քո­լա Սար­քո­զիի շրջա­նին ըն­դու­նուած ա­ռա­ջին ո­րո­շու­մէն վերջ հի­մա ալ ըն­կեր­վա­րա­կան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նի վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն զու­գա­դի­պած է այս երկ­րորդ ո­րո­շու­մը։

ԳՐԱՒԵԼ ՆՈՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի դէ­պի Ռու­սաս­տան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րե­ւա­նի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ ձեռք բե­րուած վեր­ջին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը լա­ւա­տես կան­խա­տե­սում­նե­րու ծնունդ տուած են հայ-ռուա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։

Փարիզի Մէջ Միջազգային Մրցաշարք

Հա­յաս­տա­նի յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի վեց ան­դամ, նե­րա­ռեալ՝ 2016 թուա­կա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան, 98 քկ. քա­շա­յին Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան, Յու­նուա­րի 27-29 թուա­կան­նե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մէջ կա­յա­նա­լիք մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քին:

Էջեր