ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՆՈՐ ՈՒ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարելով հետեւողականօրէն։ Բանակը միջոցէ մը ի վեր պաշարած է Էլ Պապ քաղաքը, որ Սուրիայէ ներս ռազմավարական կէտ մը կը համարուի։