Լրահոս

Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը՝ Forbes-ի Վարկանիշի Լաւագոյն Հնգեակին ՄԷՋ

UWC Dilijan Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը, որ հիմ­նած է գոր­ծա­րար եւ բա­րե­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեան, յայտ­նուած է For­bes-ի վար­կա­նի­շի լա­ւա­գոյն հնգեա­կի մէջ: Դպրո­ցը նե­րա­ռուած է ռուս մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծուած լա­ւա­գոյն դպրոց­նե­րու վար­կա­նի­շին մէջ, ո­րուն կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ Forbes հրա­տա­րա­կու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ:

Սահարա ԱՆԱՊԱՏԸ Ծածկուած է Ձիւնով

Մո­լո­րա­կի ա­մե­նա­տաք վայ­րե­րէն մէ­կուն՝ Սա­հա­րա ա­նա­պա­տին մէջ՝ այդ վայ­րին հա­մար անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ մը տե­ղի ու­նե­ցած է. ա­նա­պա­տի շի­կա­ցած ա­ւա­զա­թում­բե­րը ծած­կուած են ձիւ­նի ճեր­մակ շեր­տով: Ինչ­պէս կը նշէ The Guardian-ը, ձիւ­նը տե­ղա­ցած է Ալ­ժի­րի Այն Սեֆ­րա քա­ղա­քի մօտ, ուր ամ­րան ա­միս­նե­րուն օ­դի ջեր­մաս­տի­ճա­նը կը գե­րա­զան­ցէ սել­սիու­սի սանդ­ղա­կով 40 աս­տի­ճա­նը:

ԷԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ուժանիւթի շաբաթ 2017» խորագրեալ ձեռնարկներու շարքը՝ բազմակողմանի քննարկումներով:
Սերժ Սարգսեան. «Իրանի եւ Վրաստանի հետ ելեկտրահաղորդման գիծերու օգտագործումը նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ Հայաստանի համակարգը»:

ԱՌԱՋԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Մոս­կուա։ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու շրջագ­ծով Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի կեդ­րո­նին ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց Ան­ծա­նօթ զի­նուո­րի յու­շար­ձա­նին մօտ։

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Մի­քա­յէլ Ժա­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէնն ու քար­տու­ղա­րու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

ՇԻՐԱՔ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Ֆրան­սա­յի նախ­կին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րէն Ժագ Շի­րաք ա­ռա­ջադ­րուե­ցաւ Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան թեկ­նա­ծու։ Ըստ ֆրան­սա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րարն ու նա­մա­կը ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին յանձ­նուած է Նո­պէ­լեան կո­մի­տէին։

ՀԱՆՐԱՔՈՒԷՆ՝ ԱՊՐԻԼԻ ՄԷՋ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ուղ­ղեալ հան­րա­քուէն հա­ւա­նա­բար տե­ղի ու­նե­նայ Ապ­րիլ ամ­սուան մէջ։ Ըստ ի­րեն, Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ուղ­ղեալ ա­ռա­ջար­կը ներ­կա­յա­ցուած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հա­ւա­նու­թեան։

ԽՍՏԱՇՈՒՆՉ ՁՄԵՌԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Հա­յաս­տա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի խստա­շունչ ձմե­ռը։ Ինչ­պէս աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն մէջ, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին այս տա­րուան ձմե­ռը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի խիստ է ու մա­նա­ւանդ՝ ձիւնն ալ ա­ռատ։

ՍՊԱՌՄԱՆ ՇՈՒԿԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ժը­նե­ւաբ­նակ գոր­ծա­րար եւ Մար­սէյ­լի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վար­դան Սրմա­քէ­շի, սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար Քրիս­տիան Կե­րի­ճիի եւ ար­թիկ­ցի Վա­րա­գեան եղ­բայր­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Շի­րա­կի մար­զի Վար­դա­գոյն քա­ղա­քին մէջ մօտ ա­պա­գա­յին պի­տի բա­ցուի ե­րեք հա­րիւր աշ­խա­տա­տե­ղի, բայց մինչ այդ գոր­ծա­րա­նը հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տու­ժով ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նախ կա­րի ու­սուց­ման կեդ­րոն բա­ցուե­ցաւ Ար­թի­կի մէջ. կը մնայ գտնել գոր­ծա­րա­նին շէնքն ու վե­րա­նո­րո­գել զայն:

Էջեր