Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՍՐԱՅԷԼ

Հա­յաս­տա­նէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Իս­րա­յէլ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան։

ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԹԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐ

Չաղլաեանի Արդարադատութեան պալատին մէջ հերթական դատավարութիւն՝ մահափորձի 10-րդ տարելիցին ընդառաջ:
Հրանդ Տինքի սպանութեան ծիրէն ներս երէկ առաջին անգամ դատակազմին ցուցմունքներ տուաւ առանցքային մեղադրեալներէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէր:

17 ՕՐ ՎԵՐՋ ԳՏՆՈՒԱԾ

Ա­մա­նո­րի գի­շե­րը Օր­թա­գիւ­ղի «Ռէյ­նա» գի­շե­րա­յին ա­կում­բի վրայ յար­ձա­կում ի­րա­գոր­ծած եւ 39 հո­գիի մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած ա­հա­բե­կի­չը ե­րէկ ձեր­բա­կա­լ­ւե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ լրա­քա­ղու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը օ­րե­րէ ի վեր կը հե­տապնդէին այդ ոճ­րա­գոր­ծը, որ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Է­սէ­նեուր­տի մէջ, ուր կը թաք­նուէր բնա­կա­րա­նէ մը ներս։

ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Տիար­պա­քը­րի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան ցա­ւա­լի դէպք մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով չորս ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Քա­ղա­քի Սուր գա­ւա­ռա­կէն ներս ՓՔՔ­-ա­կան ա­հա­բե­կիչ­նե­րու թի­րա­խը դար­ձաւ ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ մը։

ՅՍՏԱԿ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­ռըն­թեր «Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­զօ­րու­թիւն» ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման ըն­թաց­քին եւ յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ե­րէկ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան խորհր­դակ­ցու­թեան սկիզ­բին անդ­րա­դար­ձաւ այս խոր­հուր­դի առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն։

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ «ՏԱՇԻՐ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ

«Տա­շիր» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը 2016 թուա­կա­նին Ար­ցա­խի ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ ծնած չոր­րորդ ե­րա­խա­նե­րուն պի­տի յատ­կաց­նէ 4000-ա­կան տո­լար: Ըստ «Ար­ցախփ­րէս»ին, Հադ­րու­թի շրջա­նի Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ այս մասին յայ­տա­րա­րած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան:

Հա­յաս­տա­նի Բնակ­չու­թի­ւը Ա­ճ արձանագրած է

ՄԱԿ-ի Բնակ­չու­թեան ֆոն­տը հրա­պա­րա­կած է նոր զե­կու­ցում մը, ո­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուած տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, Հա­յաս­տա­նի մէջ 3 մի­լիոն մարդ կ՚ապ­րի: Զե­կու­ցու­մին մէջ կը նշուի, որ 2010-2016 թուա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան թի­ւը ա­ճած է 0.3 առ հա­րիւ­րով:

Էջեր