ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համար մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին համատեղ յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մինսքեան խմբակի համանախագահները նախընթաց օր համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էին Դեկտեմբերի 29-ին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն կապակցութեամբ։