Լրահոս

ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Անգարա։
Թուրքիա եւ Իրաք ընդհանուր ըմբռնումի մը հասած են Մուսուլի պարագային, իսկ գործնական մանրամասնութիւններուն շուրջ յառաջիկայ օրերուն շփումներ կը նախատեսուին երկու երկիրներուն միջեւ, Ուաշինկթընի ղեկավարութեան խրախուսանքով։
ԻՇԻՊ Քերքիւքի մէջ նոյնաժամանակ օգտագործեց կենդանի ռումբեր. զոհերու մասին մտահոգիչ լուրեր։

ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցան նոր ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ոս­տի­կան զօ­րաց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ուղ­ղեալ հար­ցաքն­նու­թեան ծի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան այս ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը։

ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐ

​Գեր­մա­նիոյ մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ վա­ղը պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 100 եր­կիր­նե­րէն 7100 հաս­տա­տու­թիւն­ներ կը մաս­նակ­ցին Ֆրանք­ֆուր­թի գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռին, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է 68-րդ ան­գամ։

ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 4-ին, Ֆրեզ­նո­յի Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղ­կա­նայ հայ­կա­կան օրհ­ներգ­ներէ եւ ներ­բող­ներէ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՂ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ

Այս տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է 501.118 զբօ­սաշր­ջիկ, ո­րոնց 26.3 առ հա­րիւ­րը ե­կած են ԱՊՀ-էն, 23.4 առ հա­րիւ­րը՝ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ եւ 50.3 առ հա­րիւ­րը՝ այլ եր­կիր­նե­րէ:

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ԱՄՈՒՐ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ»

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր յայ­տա­րա­րեց, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով շատ ա­մուր է գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­չեւ։ Փեն­թա­կո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին Քար­թըր յայտ­նեց, որ սահ­մա­նա­յին շրջան­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման հա­մար յա­ջող աշ­խա­տանք կը տա­նին թրքա­կան կող­մին հետ

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԺԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ

Դէ­պի Հո­լան­տա աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գ­­սեան Մաասթ­րիխ­թի մէջ մաս­նակ­ցե­ցակ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զըֆ Տո­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հա­ւա­քին ներ­կայ էին նաեւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ Տո­նալտ Թուսք, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր, ինչ­պէս նաեւ ԵՄ-ի եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րէն ԵԺԿ-ի ան­դամ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։

Հայաստանի չորս քաղաքներ անդամակցած՝ իւնէսքօ-ի «Ուսումնառող Քաղաքներու Համաշխարհային Ցանց»ին

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վին ջան­քե­րով՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց»ին ան­դա­մակ­ցած են Հա­յաս­տա­նի չորս քա­ղաք­ներ՝ Սի­սիան, Սե­ւան, Դի­լի­ջան եւ Կիւմ­րի:

Հա­յաս­տան Ա­ռա­ջին Ան­գամ Կը Մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­յի Հե­ծե­լար­շա­ւի Ա­խո­յե­նու­թեան

Մաս­նակ­ցու­թեամբ 35 եր­կիր­նե­րէ 280 հե­ծե­լան­ւորդ­նե­րու, ե­րէկ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մեր­ձա­կայ­քը գտնուող Սենթ Քան­թէն Ան Ի­վե­լին քա­ղա­քին մէջ սկսաւ Եւ­րո­պա­յի հե­ծե­լար­շա­ւի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը:

Էջեր