ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:
Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:
Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քուէներ կը կորսնցնէ, երբ Անկելա Մերքէլի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը եւ նոյնիսկ կրնայ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ակնկալել:
Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լեւատա-կեդրոն» ռուսական հետազօտական կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Ռուսաստանի 5 բնակիչներէն մէկը (21 առ հարիւրը) կը կարծէ, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են:
«G-20»ի գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ աննախընթաց բողոքի ցոյցերու մթնոլորտին մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Համպուրկի ծրագրի կարեւոր փուլերէն մին էր Տանըլտ Թրամփի հետ երէկուան կարճատեւ զրոյցը:
Ատրպէյճան դիտումնաւոր ձեւով լարուածութիւնները կը հրահրէ Արցախի հետ շփման գծին վրայ:
Երէկ եւս շարունակուեցան հրադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով վիրաւորուեցան երեք հայ զինուորներ:
«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն ներս բացուած է «Ծնաւ մահկանացու, իր մասին թողեց անմահ յիշատակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին։ Ներկայացուած են ծովանկարիչի յայտնի կտաւներու, լուսանկարներու արտատպումները՝ «Իններորդ ալիք», «Սեւ ծովը», «Նաւաբեկութիւն», «Ծովափ» եւ այլն։
Մայրիկէն նուէր ստացած ջութակին հետ, արդէն ութ տարիէ ի վեր, 20-ամեայ Շուշանիկ Մուրատխանեան անբաժան է։ Ջութակը իր հետ միասին շրջած է Հայաստանով եւ աշխարհով մէկ՝ մասնակցելով տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօններու:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամ մը տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:
Անգարա անհանգիստ է ՓՔՔ-ի նկատմամբ որդեգրուած դիրքորոշումէն եւ կ՚ակնկալէ, որ Պերլին քայլ մը առնէ խոյս տուած ՖԵԹԷՕ-ականներու արտայանձնման ուղղութեամբ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս շաբաթավերջին պիտի գայ Թուրքիա։ Կիրակի, 9 Յուլիսին, Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային նաւթի համաժողովը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարն ալ պիտի գտնուի այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին։
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ իրականութեան մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հրաժեշտ տալու համար մեկնած էր Երեւան, սակայն քանի որ իր շփումները Արցախի ճակատի հերթական լարուածութեան օրերուն համընկնեցան՝ քննարկումները կեդրոնացան այդ հարցին վրայ։