ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈՒՆ
Փեքին-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի լուրջ աշխուժութիւն՝ միջազգային թատերաբեմի ուժերու վերադասաւորման պայմաններուն ներքեւ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին երէկ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։
Իսրայէլ կը շարունակէ ներխուժել Սուրիոյ տարածքը, ինչ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը կը համարուի։
Իրանի նախագահին Հայաստան այցը. պահպանել տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը:
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։
Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը շարունակուի Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Երկրի դատական իշխանութիւնները նախընթաց օր մերժած էին Նորին Սրբազնութեան կալանքը դադրեցնելու միջնորդութիւնը։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութեան լոյսին տակ վարչապետը ըսաւ. «Օգոստոսի 8-էն յետոյ մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մը, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մը մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը եւ անով նախատեսուած՝ Սիւնիքի մարզէն անցնելիք TRIPP ուղին արդէն Թեհրանի պարագային յարուցած է հարցականներ։
Ալասքայի հանդիպման լոյսին տակ այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծաւալուն արժեւորում մը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ալասքայի մէջ տեսակցեցան՝ խոշորացոյցի տակ առնելով Ուքրայնայի հակամարտութիւնը։
TRIPP-ի կապակցութեամբ Երեւան կը ձգտի փարատել Մոսկուայի եւ Թեհրանի առկայ մտահոգութիւնները: