ՌԱՅԻՍԻ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարի եւ վարչապետ Շահպազ Շերիֆի կողմէ։
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարի եւ վարչապետ Շահպազ Շերիֆի կողմէ։
Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ուղեւորութեան Անգարայի պաշտօնական փուլի սկսելէն առաջ, երէկ, Շթայնմայէր շփումներ ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան այցելեց Սիրքեճիի պատմական կայարանը, ուր շրջայց մը կատարեց՝ պատմաբան փրոֆ. Իլպէր Օրթայլըի ուղեկցութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սպանիոյ Փալմա քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանի նախագահներու հաւաքին։ Հայաստան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ այս հարթակին, որու նպատակն է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներու հարթակ մը ձեւաւորել։
Հանիյէն եւ Շիւքրին հիւրընկալելէ վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կ՚այցելէ Իրաք:
Անգարայի ղեկավարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր դերակատարներուն կոչ կ՚ուղղէ՝ առաջնորդուիլ ռազմավարական մտքով:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կան ուժեր, որոնք չեն ուզեր Երեւանի ինքնիշխանութեան զարգացումը:
«Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ, ըստ էութեան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան առաջին անգամ հարց լուծած են սեղանի շուրջ»:
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պատանդ առնուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած է, շաբաթավերջին իր ընտանիքին միջոցաւ փոխանցեց վճռական պատգամներ։ Ռուբէն Վարդանեան, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնի գործարար ու բարերար մըն է, նաեւ ազդու հասարակական գործիչ մը, ներկայիս հացադուլի սկսած է։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորուի Հանրապետութեան նախորդ՝ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու յայտարարութիւններով, որոնցմէ մին կը վերաբերի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի Արցախէն վաղաժամ հեռացման։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մանկավարժական համալսարանին մէջ դասախօսներէն մին վերջերս ինձ ըսաւ. «Երբ ձեզ կը տեսնեմ՝ կ՚ուզեմ դիմել՝ Լեւոն, որովհետեւ կը յիշեմ ձեր հայրիկը»: Ըսի, որ սա հաճելի եւ պատուաբեր «շփոթութիւն» է:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման բանակցութիւններուն գծով սկզբնական համաձայնութիւն գոյացաւ. Ատրպէյճան կը ստանայ 4 գիւղերը, Հայաստան-Վրաստան ճանապարհի պարագային առ այժմ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր: Յանձնուելիք գիւղերու բնակիչները արդէն փակած են ճանապարհները:
Հայկական պաշտօնական աղբիւրները անվտանգային ռիսքերու նուազեցման մասին կը խօսին: Եւրոմիութիւնը երէկուան պայմանաւորուածութիւնները կ՚որակէ յուսադրիչ նորութիւն: Մեծն եօթնեակի նախարարներուն կողմէ կոչ:
Թուրքիա Մերձաւոր Արեւելքի ազդու բոլոր դերակատարներուն հետ անմիջական շփման մէջ կը մնայ:
Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին կ՚ընդունի Իսմայիլ Հանիյէն, Հաքան Ֆիտան կը տեսակցի Սեմիհ Շիւքրիի հետ: