ԼԱՐՈՒԱԾ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ եթէ այսօր Վլատիմիր Փութինի հետ համաձայնութեան մը հասնի, ապա յաջորդ հանդիպումներու ձեւաչափը պիտի ըլլայ եռակողմանի:
ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահներու՝ Ալասքայի սպասուած ժամադրութեան օրը: Իսթանպուլ պատրաստ՝ հիւրընկալելու Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ յաջորդ հաւանական գագաթաժողովը :
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Տոհայի մէջ ունեցաւ բարձր մակարդակի շփումներ։ Այսպէս, ան ընդունուեցաւ Քաթարի Էրիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի եւ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ երկարաձգեցին յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման ժամկէտը։ Եւս երկու ամիսով Կարապետեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուեցաւ։
Փեզեշքիանի այցելութեան սեմին Հայաստան կը շեշտէ, որ հաշուի կ՚առնէ Իրանի կենսական շահերը:
Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու հռչակագրի ստորագրման Մոսկուա կը հետեւի անմիջական ուշադրութեամբ։ Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Ֆատէյեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով նախատեսուած ճանապարհային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման պարագային հաշուի պէտք է առնել ռուս սահմանապահներու ներկայութեան հանգամանքը։
Թուրքիա Սուրիոյ առկայ մութ համայնապատկերի դերակատարներու շարքին կը դասէ Իսրայէլը:
Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ Վլատիմիր Փութինի հետ վաղը պիտի չքննարկէ տարածքային հարցեր:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց՝ 2024 թուականի Մարդու իրաւանց պաշտպանութեան զեկոյցը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ թէեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը կ՚արգիլեն կամայական ձերբակալութիւնն ու իւրաքանչիւր քաղաքացիին իրաւունք կու տան դատարանէ ներս վիճարկել ազատազրկման օրինականութիւնը, սակայն, երկրի կառավարութիւնը միշտ չի պահպաներ օրէնքի այդ դրոյթները։
Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քերիմ Վելիեւ Իսլամապատի մէջ հիւրընկալուեցաւ Փաքիստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Սէյիտ Ասըմ Միւնիրի կողմէ:
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան դրութիւնը լուրջ նպաստ կ՚ապահովէ տարածաշրջանի խաղաղութեան: