ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԺԱՄԿԷՏ
Նախկին ներքին գործոց նախարարին ի պատիւ ընթրիքի սեղան՝ Եշիլգիւղի զբօսարաններէն մէկուն մէջ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յուշանուէր մը յանձնեց Սիւլէյման Սոյլուին՝ անհասկնալի չափանիշներով ճշդուած մասնակիցներու լսարանի մը առջեւ: Հիւանդանոցի առկախեալ ընտրութեան հարցին բերումով զանազան շրջանակներ քայլեր կ՚առնեն՝ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութենէ բաւական հեռու մօտեցումներով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մեծարանքի ձեռնարկ մը՝ ի պատիւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն, յայտնի յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանի։
Գրաւոր ժառանգութեան վերականգնման ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը կը շարունակուի ընդլայնիլ։ Այսպէս, վերջերս հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի ARARAT քոնեաքի գործարանի եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, որու արձանագրած յարատեւ վերելքը վերջին շրջանին մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ համայնքային շրջանակներուն, երէկ երեկոյեան յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:
ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որոշեց ինքզինք լուծարել։ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին հասունցած խմորումներուն զուգահեռ՝ ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալան վերջերս համապատասխան կոչով մը հանդէս եկած էր, ՏԷՄ կուսակցութեան կողմէ համակարգուած գործընթացով մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա եւ Լեհաստան շաբաթավերջին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Ռուսաստանին կոչ ուղղեցին, որպէսզի երեսուն օրուան հրադադար մը հաստատուի Ուքրայնայի մէջ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին ձօնուած՝ 9 մայիսի նշանաւոր զինուորական տողանցքը։