Լրահոս

ԽՂՃԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութեան նախաձեռնութեամբ Կազզէի դէպքերուն մասին խորհրդակցութեան ժողով:
Ալի Էրպաշ համոզուած է, թէ Սուրբ Երկրի նուիրականութիւնը ոտնձգութեան կ՚ենթարկուի՝ մինչ մարդկութիւնը կը մահանայ:

ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման առումով մօտաւոր ապագային լաւ նորութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Ան լաւատեսութիւն յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը կրնայ բացուիլ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրով անձերու համար։

ՆՈՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով խորհրդաժողով. «Եւրոմիութեան ընդլայնումն ու բարեփոխումը»:
Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Թուրքիա շինիչ նպաստ մը կրնայ բերել աշխարհաքաղաքական արդի իրավիճակի պայմաններով եւ իր մտահորիզոնը չէ փոխուած:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ՄԻՇՏ ՀՐԱՒԷՐ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է կազմակերպելու Երեւանի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպում մը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։

ՊԼԻՆՔԸՆ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Էնթընի Պլինքըն այս կիրակի պիտի այցելէ Անգարա։ Ան Իսրայէլ-Պաղեստին ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր իրերայաջորդ կ՚այցելէ զանազան մայրաքաղաքներ։

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՆՆԱԼԵՆԱ ՊԵՐՊՈՔ ՎԱՂԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան վաղը շփումներու պիտի ձեռնարկէ Երեւանի մէջ, ուրկէ պիտի անցնի Պաքու։

ԼԵՄՔԻՆԻ ԿԱՃԱՌԸ ԿԱՐՄԻՐ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրները արդէն միջազգային վերլուծութիւններու նիւթ կը դառնան։ Մէկ կողմէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրին վերաբերեալ լաւատես լուրեր կը հաղորդուին, իսկ միւս կողմէ միջազգային լուրջ մեկնաբաններ կ՚արժեւորեն Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի նոր լայնածաւալ յարձակումի մը վարկածը՝ այս անգամ, անշուշտ, ուղղակի երկրի ինքնիշխան տարածքներուն վրայ։

ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հրաւէրին ընդառաջ։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Իրան վերջին շրջանին Պաղեստինի հրատապ իրադարձութիւններուն կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։

Էջեր