Լրահոս

ՀԻՆ-ՆՈՐ «ԲԱԺՆԷ՛ ԵՒ ՏԻՐԷ՛»Ն

Երեւան-Մոսկուա տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հեռախօսազրոյց:
Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը քննարկեցին տարածաշրջանային հարցեր: Միշուսթին Պաքուի մէջ յայտնեց, որ Ռուսաստանի համար յատուկ նշանակութիւն ունի Հարաւային Կովկասի տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը:

ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, տնտեսութեան նախարար նշանակուեցաւ Գէորգ Պապոյեան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան համապատասխան հրամանագիրը ստորագրեց՝ վարչապետի առաջարկին հիման վրայ։

ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄ

Փաշինեան Տենտիասը ընդունելու ժամանակ կարեւորեց բոլոր մարտահրաւէրներու կառավարումը:
Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան հաւանական քառակողմանի համագործակցութիւն պաշտպանութեան ոլորտէն ներս:

ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԱՅՍՕՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆՈՒԱԳԷ ՀԱՅ ԿԻՆ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր Նիւ Եորքի մէջ հանդէս կու գայ յատկանշական ելոյթով մը։ Ձեռնարկը նախատեսուած է Նիւ Եորքի՝ «National Arts Club»ի երդիքին տակ։

ՄԻՆՉԵՒ ԱՄԱՌ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ այս ամառ ահաբեկչութիւնը պիտի վերջանայ։
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը։ 

ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգլիոյ բանուորական կուսակցութիւններէն Տէյվիտ Լեմին։ Այս վերջինը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան «ստուերային արտաքին գործոց նախարարը»։

4.9 ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Չանաքքալէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Ենիճէ գաւառակին մէջ։ Ժամը 21.38-ին պատահեցաւ շարժը, որու սաստկութիւնը կազմեց՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.9։

ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի 17-20-ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2022 թուականին։ Սա կը կազմակերպուի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։

Էջեր