ԱՆԳԱՐԱ-ՓԱՐԻԶ ՇՓՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ, որ այսօր Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ կը մեկնի Ուաշինկթըն՝ Սպիտակ տան մէջ ժամադրուած ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։
Գերմանիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն, որու արդիւնքով աջակողմեան ուժերը արձանագրեցին կարեւոր վերելք։ Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութիւնը առաջին հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուց՝ 28.6 տոկոս քուէ ապահոված ըլլալով։
Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ ստեղծուած դրական մթնոլորտին շուրջ երկու մայրաքաղաքներէն կը հասնին շինիչ պատգամներ։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիս գոհունակութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հետ սկիզբ առած գործընթացին կապակցութեամբ։
Բնութեան պարզած պատկերէն՝ մինչեւ մարդոց ներկայացուցած տեսքը…
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի 43-ամեայ անդամներէն Ռաֆֆի Փեքմէզ երէկ առաւօտ երթեւեկի արկածի մը զոհ գացած է Ենիգիւղի մէջ։ Դէպքը պատահած է ժամը շուրջ 09.30-ին։
Համպուրկի մէջ կազմակերպուած համաժողովի ծիրէն ներս ասուլիսի ձեւաչափով նախարարական քննարկում։
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասէն ներս պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, տղամարդ մը կացինով յարձակեցաւ կնոջ մը վրայ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Անգարա եւ Մոսկուա միշտ շփման մէջ՝ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներու կապակցութեամբ:
Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։