ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՌՈՒՊԻՕ ԵՐԷԿ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հիւրընկալելու ժամանակ խնդրեց, որ Թուրքիա աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման։
Ապպաս Արաղչիի Երեւան այցելութեան օրը Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Մարքօ Ռուպիոյի հետ:
Ընկերային ցանցերու վրայ աչքի կը զարնեն դիպուկ բանաձեւումներ, որոնք կը մերկացնեն մարդոց սին մեծամտութիւնները. «Այն, որ գիրք չի կարդար, որեւէ առաւելութիւն չունի ոչ-տառաճանաչին դիմաց»։ Նուազագոյնը ընելով առաւելագոյնին հասնելու ձգտումը կամ մտայնութիւնը մարդու էութեան մէջ է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Մինչ այդ, Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ուաշինկթըն, ուր կը հիւրընկալուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։
Նախաձեռնութեան կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն եւ զանազան համալսարաններ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու երէկ կալանաւորուեցաւ՝ մինչ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ալեկոծեալ օրեր կ՚ընթանան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ։ Երկու վարչապետները շաբաթավերջին իրերայաջորդ ձեւով տեսակցեցան։
Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը երէկ բացուեցաւ ժամանակաւորապէս։ Այսպէս, Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութեան համար օգտագործուեցաւ Մարգարա-Ալիճան անցակէտը։