Լրահոս

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ռուսաստան ցնցուեցաւ՝ իր պատմութեան ամեասարսափելի եւ սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական դէպքերէն մէկով։ Այսպէս, Մոսկուայի մերձակայքի «Crocus City Hall» համերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ սարսափելի ահաբեկչական յարձակում մը, որ խլեց աւելի քան 60 զոհ։

ՊԼԻՆՔԸՆ-ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Կազզէի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն արդէն 6-րդ անգամ տարածաշրջան այցելեց։ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ ան հասաւ Թել Աւիւ։

ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՍՈՒՏԵՐԸ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ինձ համար ակնյայտ է, որ մարդոց խաբելու «արուեստի» առումով՝ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները իսկապէս անգերազանցելի են: Պաշտօնական սուտը կ՚իյնայ պարարտ հողի վրայ եւ կը տարածուի վիրիւսի արագութեամբ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՕՂԱԿԸ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան կը շարունակէ ներքին մեծ լարումներու իսկական թատերաբեմը հանդիսանալ եւ սա ամէ՛ն օր։ Ճիշդ է, որ երկրին մէջ բողոքի հաւաքները շատ քիչ են կամ առհասարակ չկան, բայց եւ այնպէս, Հայաստանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան զուգահեռ ներկայացուցած թեզերը քանի մը առումով լուրջ մտահոգութիւններու տեղի կու տան։

ՄԱՀ՝ ՀՆԱԳՐԱՎԱՃԱՌ ՎԱՀԱՆ ՔՈՃԱՕՂԼՈՒԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի խորհրդանշական անուններէն Վահան Քոճաօղլու կնքած է իր մահկանացուն՝ 99 տարեկանին։ Ան համբաւ ձեռք բերած էր նաեւ լայն հասարակութեան մօտ՝ նկատի ունենալով, որ երկար տարիներու հնագրավաճառ մըն էր։

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Փաշինեան, Պլինքըն եւ Ֆոն տեր Լէյէն ապրիլի 5-ին ժամադրուած են՝ Հայաստանի զարգացման ուղղեալ օրակարգով:
Երեւան-Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ բարձր մակարդակով ռազմավարական որոնումներ՝ ի շարունակութիւն Կրանատայի յայտարարութեան:

Էջեր