Լրահոս

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս երէկ տեղի ունեցան հերթական բանակցութիւնները։ Սահմանազատման յանձնաժողովներու 6-րդ հանդիպումն էր այս մէկը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։

ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին տարիներուն կուտակուած տարաձայնութիւններուն կարեւոր մասը կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ յուսախաբութիւններուն:

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստան-Անգլիա մշակութային համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի նշանաւորուի վառ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Բրիտանական թանգարանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Երեւանի մէջ ցուցադրուի Անահիտ դիցուհիի արձանը։

ԱՆՇԵՂ ՍԿԶԲՈՒՆՔ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ուղեւորութեան ձեռնարկած է Պալքանեան երկիրներ:
Թուրքիա կը շարունակէ նախանձախնդրութեամբ հաւատարիմ մնալ Մոնթրէօյի համաձայնութեան գործադրութեան:

ՆՈՒԱՍՏԱՑՈՒՑԻՉ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը վերջերս մտահոգութեամբ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ յայտարարութեան։

Էջեր