ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՏԻՍ ԱՊԱՊԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ, ԱՅԺՄ ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԺԱՄԱՆՄԱՆ
Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Ատիս Ապապա։
Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Ատիս Ապապա։
Երեւան Պաքուի մօտ քաղաքական կամքի բացակայութիւն կը տեսնէ՝ խաղաղութեան հաստատման համար:
Ըստ նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ նոր մագլցման հաւանականութիւնը միշտ առկայ է եւ Հայաստան նոր դաշնակիցներու կարիք կը զգայ անվտանգային հարցերը լուծելու ուղղութեամբ:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին բարձր մակարդակով յատուկ նիստը՝ Կազզէի հրատապ օրակարգով:
Հաքան Ֆիտան Նիւ Եորքի մէջ ընդգծեց, որ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան պնդումները համոզիչ ըլլալէ դադրած են:
Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Համապատասխան արձանագրութիւնը խորհրդարանին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան, ՄՀՓ-ի, ՃՀՓ-ի եւ «Կելեճէք» կուսակցութեան երեսփոխաններու քուէներով։
ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն երէկ Պաղտատի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռեշիտի եւ վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Էս-Սուտանիի հետ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ շիի եւ սիւննի, ինչպէս նաեւ թիւրքմէն խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը պատրաստուի թողարկել՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ անմոռանալի արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի երգերու նուագարանային մշակումները թաւջութակի եւ նուագախումբի համար։
Չինաստանն ու Ատրպէյճանը կը ծրագրեն ընդլայնել առեւտրային համագործակցութիւնը։ Պաքուի մօտ Չինաստանի դեսպան Կուօ Մին երէկ անդրադարձաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։
Նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի երէկուան հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին շուրջ:
Անգարա եւ Մոսկուա անհրաժեշտ կը նկատեն՝ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու լուծման ճանապարհին անմիջական շփման մէջ ըլլալ: Եւրոպայի կառոյցներէն ալ յայտարարութիւններ:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր դարձեալ ժողով մը կը գումարէ Պաղեստինի հարցին շուրջ:
Ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Իսրայէլ հասած է պատերազմի ամենավտանգաւոր փուլը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ սպառազինութեան ոլորտէն ներս Ռուսաստանի հետ խնդիրները մեծամասնութեամբ կարգաւորուած են։ Ծանօթ է, որ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ատենէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու շարքին կ՚առանձնանար այս հարցը։