Լրահոս

ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ դատական նոր շրջանի սկիզբին առթիւ։ Վճռաբեկ ատեանէն ներս տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ան կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ նոր սահմանադրութեան մշակման հարցին շուրջ։

ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍԵՐԿԷՅ ՇՈՅԿՈՒԻ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աւարտեց դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութիւնը։ Երէկ, ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ, իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ վարած բանակցութիւններէն վերջ։

ԱՄԲՈՂՋ ԱՐՑԱԽԸ ՊԱՏԱՆԴ

Երկարատեւ պաշարման մթնոլորտին մէջ Ֆրանսայի կողմէ առնուած վերջին քայլերուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ եւ ԵՄ կրկնեցին իրենց կոչերը, որպէսզի վերաբացուի Լաչինի միջանցքը:
Պաքու հակազդեց Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն. «Տարածաշրջանէն ներս շրջափակման մասին պնդումները անընդունելի են՝ Ատրպէյճանի ներկայացուցած առաջարկներու ֆոնին վրայ»:

ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԴՐԱԿԱՆ ԴԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ շինիչ ու արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։

ՍՈԹՔԻ ՎՐԱՅ ԽՏԱՑԵԱԼ ԿՐԱԿ

Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Այսպիսի յարձակումներուն միշտ կը նախորդեն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ապատեղեկատուութիւններ, որոնցմով կը պնդուի, թէ Հայաստանի բանակը կը խախտէ հրադադարը։

ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԷ ՆԵՐՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուայի մէջ է։ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ ան կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։

ՀՐԷՇԱՒՈՐ ԾՐԱԳԻՐ

Լաչինի միջանցքի փակման բերումով Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ բանավէճը հետզհետէ կը սրի:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան. «Ատրպէյճան Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեամբ կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սովամահութեան միջոցաւ ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը»:

ՇԻՄՇԷՔ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ

Պետական գանձի եւ ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւններուն դրական ազդեցութիւնները նկատելի դառնալ սկսած են՝ մաքրօելմտական կայունութեան վրայ։

ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան դէպի Նիւ Տելհի աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։

Էջեր