Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻՆ

Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան առեւտրային կցորդ Վարդան Կոստանեան յայտարարեց, որ ներկայիս քննարկման փուլի մէջ կը գտնուի հայկական ապրանքները Իրանի տարածքով դէպի արաբական երկիրներ եւ Հնդկաստան արտածելու տարբերակը։

30 ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի տարեդարձը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձին։ Սա հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։

ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՍՈՉԻԻ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ երկուշաբթի՝ սեպտեմբերի 4-ին Սոչիի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

ԱՔ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի համագումարի։ Այսպէս, կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի հոկտեմբերի 7-ին։
«Մեր համագումարները որքան որ մեր կուսակցութեան պատմութեան տեսակէտէ յատկանշական են, այնքան ալ թրքական ժողովրդավարութեան համար անկիւնաքարեր կը սահմանեն։ 

Էջեր