ԶԱԽԱՐՈՎԱ. «ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԸՆԿՆԻՆ՝ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՇՈՒՐՋ»
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ հիմնականին մէջ կը համընկնին իր երկրի եւ Իրանի մօտեցումները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը՝ Իսրայէլ եւ Սուրբ տեղեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան երկրի խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր խմբակցութեան՝ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդն է։
Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի օրերուն գործնականօրէն հաստատուեցաւ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր ղեկավարութիւնը տարբեր ուղղութեամբ պիտի հունաւորէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կարգաւորումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան։ Ան հասարակական գետնի վրայ գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ իր հետեւողական աշխատանքը կ՚առընչուէր նաեւ քաղաքականութեան հետ։
Զելենսքի-Վենս հանդիպում՝ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի շրջանակներէն ներս:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին շրջանին սփիւռքեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումերուն ժամանակ կ՚ընէ ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ Մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի մէջ ան ընկալուած կաղապարներէն դուրս խօսոյթով մը հանդէս եկած էր ցեղասպանութեան հարցին շուրջ, իսկ աւելի վերջ այդ մէկը որակած՝ անհերքելի փաստ:
Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը այսօր կը սկսի. արդէն հրապարակուած է զեկոյց մը:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Երեւան պիտի չտրուի սադրանքներու ու պիտի շարունակէ շինիչ տրամադրութեամբ բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ։