ՏԵՍՔԷՆ ԱՆԴԻՆ…
Բնութեան պարզած պատկերէն՝ մինչեւ մարդոց ներկայացուցած տեսքը…
Երեւոյթները երբեմն հրապուրիչ են, երբեմն ուրախ, սարսափազդու կամ տխուր, երբեմն պայծառ են կամ մռայլ։ Եւ յաճախ այս բոլորը ընդելուզուած է, միահիւսուած թէ՛ աչքի առջեւ եւ թէ մտքերու մէջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի 43-ամեայ անդամներէն Ռաֆֆի Փեքմէզ երէկ առաւօտ երթեւեկի արկածի մը զոհ գացած է Ենիգիւղի մէջ։ Դէպքը պատահած է ժամը շուրջ 09.30-ին։
Համպուրկի մէջ կազմակերպուած համաժողովի ծիրէն ներս ասուլիսի ձեւաչափով նախարարական քննարկում։
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասէն ներս պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, տղամարդ մը կացինով յարձակեցաւ կնոջ մը վրայ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Անգարա եւ Մոսկուա միշտ շփման մէջ՝ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներու կապակցութեամբ:
Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։
Վարչապետի պատգամէն վերջ, արդարադատութեան նախարարին յստակացումը կը հաստատէ պնդումները:
Միջազգային օրակարգը այս շրջանին կը բնորոշուի՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններով, նաեւ հաւանականութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տեղաշարժը կը ձեւաւորէ կլոպալ նոր կլիմայ մը։
Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ղեկավարներու ձեւական դատավարութիւնները, որոնք վերածուած են՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դարձեալ հացադուլի սկսած է։