ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ
Իսթանպուլի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Աթագիւղի «Պարութհանէ» համալիրէն ներս համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Սիրելիներու օրուան առթիւ։ Այս առթիւ «Mane Made & Yaman» խումբը հանդէս եկաւ համերգով մը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։