ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ ընդունեց Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան նախագահ Միշէլ Շահինեանը։ Զրոյցի ընթացքին Միշէլ Շահինեան նշեց, որ իր գլխաւորած միութեան անդամները ամէն տարի այցելութիւններ կը կատարեն Հայաստանի մարզերը։