Լրահոս

ՂՊՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լուե­ցան խումբ մը ղպտի ե­րի­տա­սարդ­ներ։ ԱՄՆ-ի Ա­րե­ւե­լեան ա­փէն մեկ­նած՝ Ղպտի ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան քա­ռա­սուն ան­դամ­նե­րը ջեր­մօ­րէն դի­մա­ւո­րուե­ցան Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս՝ Լոս Ան­ճե­լըս։

Բեղմ­նա­ւոր Ո­րո­նում­ներ…

Ժա­մա­նա­կին խորհր­դա­յին ման­կա­վարժ փի­լի­սո­փա­նե­րէն շա­տեր կը հա­ւա­տա­յին, թէ՝ «Մա­նու­կը սպի­տակ թուղթ է», եւ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ կա­րե­լի է տալ ա­նոր ո­րե­ւէ մաս­նա­գի­տու­թիւն եւ «ար­տադ­րել» տար­բեր տե­սա­կի գիտ­նա­կան­ներ ու ա­րուես­տա­գէտ­ներ: Սա­կայն խորհրդա­յին մաս­նա­գի­տա­կան փոր­ձը ցոյց տուաւ, թէ (յատ­կա­պէս ա­րուես­տի պա­րա­գա­յին) այս տե­սու­թիւ­նը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի գործ­նա­կան կեան­քի հետ:

ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼեԱՆ

Աշ­խար­հի վրայ փաս­տուած ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ ա­ռած­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեա­լէն հա­սած են մե­զի, միշտ ալ ի­րենց մէջ կը կրեն ի­րա­կա­նու­թիւն մը: Այլ խօս­քով ա­նոնք գրուե­լու եւ կամ ը­սե­լու սի­րոյն գրուած խօս­քեր չեն, այլ ան­յայտ­նե­րու կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած փի­լի­սո­փա­յու­թիւն­ներ են:

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱՐՄԱՇ ԵՊՍԿ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՄԵՐ ՑԱՒԸ ԱՐԺԱՆԻ Է ՅԱՐԳԱՆՔԻ»

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Դա­մաս­կո­սի Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան իր «Ա­րե­ւելք» (www.arevelk.am) կայ­քին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ը­սած է, որ Դա­մաս­կո­սի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը նոյն­պէս վտան­գա­ւոր է յա­ռե­լով, որ քա­ղա­քի սահ­մա­նա­յին կրա­կա­գի­ծը կը գտնուի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կից:

ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր կը պատ­րաս­տուի այս շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան ի­րա­կա­նաց­նել ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ բա­ցատ­րե­լու հա­մար Թուր­քիոյ կող­մէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ուղ­ղու­թեամբ ա­նոր վճռա­կա­մու­թիւ­նը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն ներս ու­նե­նա­լիք շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Վոլ­քան Պոզ­քըր երկ­խօս­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի փո­խան­ցէ Թուր­քիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ ու պի­տի մատ­նան­շէ, թէ ա­հա­կեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը չէ փո­խած կա­ռա­վա­րու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ուղ­ղու­թեամբ։

ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ

Ռու­սաս­տա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ օ­դա­յին ար­կած մը, ո­րու զո­հե­րու շար­քին կը գտնուին հա­յեր։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Իսթ­րինս­քի ջրամ­բա­րին մօտ ապ­րուե­ցաւ այս ար­կա­ծը, ո­րուն զոհ գնաց ինն հո­գի։

Էջեր