Լրահոս

ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՐՃԱՏՈՒՄ

Ներկայ տարուան տուեալներով՝ Հայաստանի տնտեսութեան տեսանկիւնէն կացութիւնը կը համարուի էապէս մտահոգիչ:
Ռուսաստանի շուկայէն ներս աւանդաբար տարածում գտած հայկական ապրանքներու վաճառքը նուազած է՝ ռուբլիի արժեզրկման պատճառով:

ԶԱՐԱՔՈԼՈՒ ԵՒ ԱՔՉԱՄ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ

Փա­րի­զի մէջ, Մար­տի 25-28-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը՝ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ. 1915-2015 հե­տա­զօ­տու­թեան հա­րիւր տա­րի» խո­րագ­րուած է այս գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րու շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տան­քը պի­տի տե­ւէ չորս օր։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՈՒՔՐԱՅՆԱ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին նիս­տը։ Պէշ­թէ­փէի մէջ, Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց ինն ժամ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռի հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ տնտե­սու­թեան ըն­թաց­քը։

ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Երէկուան ստորագրման արարողութիւնը բնորոշեց WCIT-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն մեկնարկը:

ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ստո­րագ­րեց Հա­յաս­տա­նի հետ կնքուած հա­մա­ձայ­նագ­րի վա­ւե­րաց­ման մա­սին օ­րէն­քը, որ կը վե­րա­բե­րի եր­կու եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ար­ձա­նագր­ման կար­գի փո­խա­դարձ դիւ­րաց­ման։

ԿԻՒԼԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախկին նախագահը մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ վաւերագրական ժապաւէնին։
«Tarih Vakfı»ի եւ «Վերսուս Սթիւտիօ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նկարահանումները կ՚ընթանան բարեյաջող։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԻՎԼԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի մաս­նակ­ցի 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րին մէջ Ապ­րի­լի 24-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կու­թեան ձօ­նուած ա­ղօթք մը 1915-ի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով։

Էջեր