ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒԱԾ ԳՈՐԾ
Վալերի Փերմեաքովի դատման գործընթացին մանրամասնութիւնները յայտնի կը դառնան աստիճանաբար:
Ռուսական կողմը ոճրագործը պիտի դատէ ռազմական յանցագործութիւններուն համար, իսկ հայկական կողմը՝ սպանութեան երեսակով: Բոլոր դատավարութիւնները տեղի պիտի ունենան կիւմրիի մէջ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին, որ քննութիւնները ընթանան հնարաւորինս արագ եւ փութով արձակուի վճիռը՝ մինչեւ Խաչի տօնի մեռելոցը: