ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ
Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսին Համահայկական վեցերորդ խաղերը։ Սա արդէն աւանդական դարձած մրցաշարք մըն է, որ ամէն անգամ կը համախմբէ աշխարհի չորս ծագերէն հայ երիտասարդներ, որոնք եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ կը մրցին իրարու հետ։