ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ
Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը շարունակեց իր աշխատանքը «Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով:
Օսման Քավալա պարգեւատրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեանի կողմէ:
Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը շարունակեց իր աշխատանքը «Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով:
Օսման Քավալա պարգեւատրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեանի կողմէ:
2018 թուականին Ռուսաստանի մէջ կայանալիք Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան որակաւորման փուլին համար շաբաթավերջին վիճակահանութիւն տեղի ունեցաւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ։ Աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի Եւրոպայի գօտիի վիճակահանութեան մասնակցեցան ՖԻՖԱ-ի եւ ՈՒԷՖԱ-ի նախագահները, եւրոպական երկիրներու ֆութպոլի դաշնակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ ֆութպոլի աշխարհէն բազում վառ դէմքեր։
Kepler աստղադիտակի միջոցով ՆԱՍԱ-ի գիտնականները յայտնաբերած են Երկրին նման մոլորակ մը:
ՆԱՍԱ-ի պաշտօնական կայքէջը կը փոխանցմէ, որ մեր մոլորակէն 1.6 անգամ մեծ մոլորակը կը պտըտի Արեւու նման աստղի մը շուրջ՝ կեանքի զարգացման համար բարենպաստ հեռաւորութեան վրայ: Հետեւաբար գիտնականները կ՚ակնկալեն, որ նորայայտ մոլորակին վրայ պայմանները բարենպաստ պիտի ըլլան կեանքի համար:
Նախագահ Էրտողան. «Շատ տարբեր պայքարի մը ձեռնարկած կը գտնուինք»:
Բանակը սպաննեց ԻՇԻՊ-ի այն հինգ ահաբեկիչները, որոնք նախընթաց օր նահատակած էին ենթասպայ մը: Ռազմաօդային ուժերը գիշերը ռմբակոծեցին նաեւ ՓՔՔ-ի Հիւսիսային Իրաքի հինգ ճամբարները: Ըստ Տավուտօղլուի, Թուրքիա պարտաւոր է ամրապնդելու իր իսկ անվտանգութիւնը
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան արաբատառ մէկէ աւելի պարբերականներ վերջին օրերուն լիբանանեան ծովեզերեայ Ժիպէյլ (պատմականօրէն՝ Պիպլոս) շրջանին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» անունով յայտնի որբանոցին մասին նիւթեր հրապարակեցին: Թերթերէն իւրաքանչիւրը տարբեր շարադրանքներ ներկայացնելով կը խօսէր որբանոցի տարածքին մօտ գտնուող փոքր գերեզմանատան մը մասին, որուն մէջ եղող երեսուներեք հանգուցեալներու աճիւնները, ըստ կատարուած համաձայնութեան մը, պիտի հանուէին ու վերաթաղուէին նորակառոյց թանգարանին մօտ:
Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի երկարաժամկէտ զարգացման ուղիներուն առընչութեամբ որոնումներ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած միջոցառումներուն շուրջ:
Էրիք Ռապին Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ BROOKINGS հաստատութենէն ներս:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կողմերը պէտք է վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը կարգաւորման ուղղութեամբ», համոզուած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին բանակցութիւնը Անգարայի մէջ։
Տըպպայէի, Պէյրութ, «Լա Մարինա»ին մէջ Հայկազեան համալսարանը կազմակերպեց իր տարեկան վկայաբաշխման հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, որ կը զուգադիպէր համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին, որուն ընթացքին 227 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց բարձրագոյն ուսումը՝ դառնալով հայկական սփիւռքի միակ բարձրագոյն հաստատութեան 55-րդ հունձքի շրջանաւարտները:
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները երէկ օրուան երկրորդ կէսէն սկսեալ թիրախը դարձան Թուրք զինեալ ուժերուն, որ օդէն ու ցամաքէն ռմբակոծումներ կ՚իրականացնէ ամենայն սաստկութեամբ:
Տաղի սահմանային պահակակէտին մօտ ենթասպայի մը նահատակուելէն վերջ բանակը անմիջապէս շարժման անցաւ՝ դէպի Սուրիոյ սահմանը լայնածաւալ կրակ բանալով: Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Անվտանգութեան գագաթաժողովէն վերջ, կէս գիշերին սկսան օդային գործողութիւնները:
Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ, որպէսզի ԱՄՆ օգտագործէ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Սահմանին վրայ թռիչքներու համար փակ գօտի մը կը ստեղծուի: