ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ՝ ԿՈԼԻ ԵՒ ԿՈԼԻ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿ
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորտմունտ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը՝ Փատերպոռնը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորտմունտ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը՝ Փատերպոռնը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու 2016-ի ախոյենութեան:
Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ բոլորը պէտք է համակերպին յառաջիկայ ընտրութեան արդիւնքներուն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Միջնորդները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան ամփոփելով իրենց վերջին ուղեւորութիւնը։
Հոլիվուտի աստղերէն դերասան Ճորճ Քլունի վերջերս յայտարարած էր, որ 1915 թուականին հայոց դէմ կատարուած է ցեղասպանութիւն մը եւ սա անվիճելի իրողութիւն մըն է։ Ծանօթ է, որ Ճորճ Քլունիի կողակիցը՝ Ամալ Քլունի Հայաստանը ներկայացուցած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին մօտ՝ «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատավարութեան ընթացքին։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայաստանի ուսանողական շինարարական ջոկատներու 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած մասնաւոր բացիկ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մէկ նամականիշով այս բացիկի անուանումն է «Հայաստանի ուսանողական ջոկատներու 50-ամեակը»։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 92 տարեկան։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ իր լծակից ընկերներու ոգեկոչման համար ալ այս օրը կը հանդիսանայ հերթական շարժառիթը։ Ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին դեր ստանձնած գործիչներուն նկատմամբ։
Հայոց սրբադասեալ նահատակներուն ի յիշատակ արարողութիւն՝ Ուեսթմինսթրեան աբբայութեան մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիսութեան նախագահեց Լոնտոնի Եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրըսի հետ, քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ներկայ էին նաեւ Արքայազն Չարլզ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը, որ կը վերաբերի աշխարհի երկիրներուն մէջ համացանցի ազատութեան։ Այս զեկոյցին մէջ Հայաստան դասուեցաւ այն երկիրներու շարքին, ուր համացանցը ազատ է։