ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ երկրի զինեալ ուժերը կը պատրաստուին իրականացնել լայնածաւալ ռազմափորձեր։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի վերահսկողութեան ներքեւ, մարտավարական բնոյթով զօրավարժութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերեն երկրի բոլոր տեսակի զօրքերը։