ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԱՐԱՆ ԳՐՊԱՆԻ
Երէկ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտա-երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգային երգարան գրպանի» ժողովածոյին շնորհանդէսը։ Քսանմէկ հատորներէ բաղկացեալ այս ժողովածոն հրատարակուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին 31-րդ նստաշրջանը։ «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ գումարուեցան ժողովները, որոնց տանտէրն էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։

Շաբաթավերջին տեղի ունեցած արիւնալի ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցական մը հասաւ Անգարա։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռագիր մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ, որ քանի մը տասնեակ անմեղ զոհերու եւ աւելի քան հարիւր վիրաւորներու պատճառ դարձած է
Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարաց խորհուրդը կը գումարուի Երեւանի մէջ:
Մոնրէալի «Փլաս Տէ Զար» համերգասրահին մէջ, Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փանտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը՝ ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ» ստեղծագործութիւնը։