ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԷ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի համագործակցութեան անկարելիութիւնն ալ երէկ ի վերջոյ վերահաստատուեցաւ պաշտօնապէս: Անխուսափելի վարկած։ Ներքին քաղաքական օրակարգը կը ձեւաւորուի կանխահաս ընտրութեան ընթացակարգի զանազան հաւանականութիւններուն լոյսին տակ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Փերուի նորանշանակ դեսպան Ումպերթօ Ումերէս Ալւարէսը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հարկ է նշել, որ դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
Ռուսաստան եւ Իրան թափ կու տան իրենց համագործակցութեան՝ միջազգային նոր իրադրութիւնով: Մոսկուայի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնները հետեւողական պիտի ըլլան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:
ԹՈՐԳՈՄ