ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ
Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը կը հասուննայ փուլ առ փուլ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային ժողով ուղարկեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն նախագիծը։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ պարգեւատրեց վերջերս տեղի ունեցած Միջհամալսարանական համաշխարհային մարմնամարզի մրցաշարքերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած հայ մարզիկներն ու անոնց մարզիչները։
Արիւն մաքրելու (տիալիզ) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։
Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած «Encuentros 2015» միջազգային փառատօնի ժամանակ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:
Երուսաղէմի պատրիարքը այս շաբթուան սկիզբէն ի վեր կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ հրապարակեց կանխահաս ընտրութեան թուականը: